2013-02-21 12:56:21

Քրիստոնեայ Հայ Մը Սպաննուած Է Ծայռայեղ Մահմետական Խումբէ Մը` Հաւատքի Նահատակ։


Ահաբեկչութիւնը եւ արեւնագումները կը շարունակեն տիրել ու ծաւալիլ Սուրիոյ մէջ։ Մահմետական ծայրայեղ խումբ մը դէպի Հալէպ ուղղուած հանրակարգ մը կանգնեցուցին անձագիրերու քննութեան համար։ Ճամբորդներու միչեւ նշմարելով հայու մը անունը, Յովհաննէս անունով Հայ առաքելական հաւատացեալ, զայն կը խուզարկեն եւ կուրծքին վրայ խաչը տեսնելով` ահաբեկիչներէն մէկը զէնքով անոր կուրծքը բզիկ բզիկ կ՛ընէ։
Նշենք որ անցեալ 9 փետրուարին Հալէպի ճամբու վրայ երկու քահանաներ ձերբակալուած ու արեւանգուած են` մէկը հայ կաթողիկէ` Միքայէլ Քայալ իսկ եկրորդը` յոյն օրթոտոքս` Մահէր Մահֆուզ։ Երկու քահանաներու իրավիճակը տակաւին անյայտ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.